2016-06-24 09:23:00

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէն կայացաւ


Չորս ամիս տեւած ընտրական քարոզարշաւէ մը ետք, 46.499.537 բրիտանացի արձանագրուած քուէարկողներ, երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր` ճշդելու համար իրենց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճակատագիրը:

Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին եւ փակուեցաւ կէս գիշերին: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին նախատեսութեամբ հանրաքուէի վերջնական արդիւնքը պիտի յստականայ այսօր` «շուրջ նախաճաշի ժամուն»:

Հանրաքուէի քուէաթուղթը կը հարցնէ հետեւեալ հարցումը. «Միացեալ Թագաւորութիւնը Եւրոպական Միութեան պէ՞տք է անդամ մնայ, թէ՞ հեռանայ Եւրոպական Միութենէն»: Այն պատասխանը, որ քուէներուն կէսէն աւելին կ՛ապահովէ, կը նկատուի յաղթականը:

Կարգ մը շրջաններու մէջ օդերեւոյթը խնդիրներ յառաջացուց: Լոնտոնի եւ հարաւարեւելեան Անգլիոյ մէջ տեղատարափ անձրեւները գիշերը ողողումներ պատճառեցին: Հարաւարեւմտեան Լոնտոնի մէջ Քինկսթըն ըփան Թէյմզի խորհուրդը ստիպուեցաւ անձրեւի ջուրերով ողողուած երկու ընտրութեան կեդրոններ այլուր փոխադրել:

Հանրաքուէն Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ 3-րդ համազգային հանրաքուէն է: Վերջին հանրաքուէն տեղի ունեցաւ հինգ տարի առաջ, երբ քուէարկողներ մերժեցին երեսփոխաններու ընտրութեան ձեւին փոփոխութիւնը: Առաջին հանրաքուէն տեղի ունեցած է 1975-ին, երբ քաղաքացիներուն հարց տրուեցաւ, թէ Բրիտանիան պէ՞տք է շարունակէ Եւրոպական Միութեան «նախահայր» Եւրոպական տնտեսական համայնքին մաս կազմել:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.